2012-08-06 12:41:32

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց երեսուն­երեքերորդ – Գլուխ Գ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳՒՈՅՆ (1)
Հարցում թիւ 113. Ի՞նչ կը նշանակէ ՙկը հաւատամ Սուրբ Հոգւոյն՚։
Հաւատալ Սուրբ Հոգւոյն` կը նշանակէ զինք պաշտել որպէս Աստուած, Հօր եւ Որդւոյն հետ միատեղ, որպէս մէկը Սուրբ Երրորդութեան անձերէն, համագոյակից Հօր եւ Որդւոյն։ Կը հաւատանք որ Հոգին կու գայ մարդուն սրտին մէջ, որպէսզի զինք առաջնորդէ, որպէս Աստուծոյ զաւակ, ճանչնալու երկնաւոր Հայրը։ Ոգեւորուած Աստուծոյ Հոգիէն, կրնանք փոխել աշխարհի վիճակը։
Իր մահուընէ առաջ` Յիսուս խոստացաւ իր աշակերտներուն ուղարկել ուրիշ Մխիթարիչ մը (Յովհաննէս, 14,16), երբ այլեւս իրենց հետ պիտի չըլլար։ Երբ Սուրբ Հոգին սփռուեցաւ նախնական Եկեղեցւոյ աշակերտներուն վրայ, հասկցան անոնք թէ որուն ակնարկած էր Յիսուս։ Իրենց սրտերը լեցուեցան ապահովութեան եւ ուրախութեան խորին զգացումներով, եւ ստացան մասնայատուկ կարողութիւններ, ինչ որ կը նշանակէ թէ կրնային մարգարէանալ, բուժել եւ հրաշքներ կատարել։ Տակաւին այսօր, Եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունին անձեր որոնք օժտուած են այսպիսի ձիրքերով եւ նոյն փորձառութիւնը կ՛ունենան։
Հարցում թիւ 114. Ի՞նչ դեր կը խաղայ Սուրբ Հոգին Յիսուսի կեանքին մէջ։
Յիսուսի ամբողջ գործունէութիւնը կարելի չէ հասկնալ եթէ ոչ Սուրբ Հոգւոյն ոգեւորութեամբ։ Ներկայութիւնը Աստուծոյ Հոգւոյն, այն զոր կը կոչենք Սուրբ Հոգի, լրիւ բացայայտուած է Յիսուսի կեանքին մէջ։
Սուրբ Հոգին է որ Յիսուսը կոչեց կեանքի Սուրբ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ (Մատթէոս, 1,18), վկայեց թէ ան է սիրեցեալ Որդին (Ղուկաս, 4, 16-19), զինք առաջնորդեց (Մարկոս, 1,12), եւ ոգեւորեց զինք մինչեւ վերջ (Յովհաննէս, 19,30). Խաչին վրայ, Յիսուս աւանդեց Հոգին։ Իր յարութենէն ետք` ան ընծայեց Սուրբ Հոգին իր աշակերտներուն (Յովհաննէս, 20,20)։ Յիսուսի Հոգին աւանդուեցաւ այսպէսով իր Եկեղեցւոյն. Ինչպէս որ Հայրը զիս առաքեց, ես ալ ձեզ կ՛առաքեմ (Յովհաննէս, 20,21)։
Հարցում թիւ 115. Ի՞նչ անունի տակ եւ ի՞նչ նշաններով կը յայտնուի Սուրբ Հոգին։
Սուրբ Հոգին իջաւ Յիսուսի վրայ աղաւնիի կերպարանքով։ Առաջին Քրիստոնեաները Սուրբ Հոգւոյն փորձառութիւնն ունեցան որպէս փրկարար օծում, կենսունակ ջուր, մռնչող փոթորիկ կամ կրակէ լեզուներու կերպարանքով։ Յիսուս Քրիստոս ինք եւս կը խօսի անոր մասին որպէս օգնական, մխիթարիչ, ուսուցիչ եւ որպէս հոգի ճշմարտութեան։ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն մէջ` Սուրբ Հոգին կը տրուի ձեռնադրութեամբ եւ իւղի օծմամբ։
Խաղաղութիւնը զոր Աստուած կնքեց մարդկութեան հետ` Նոյի նշուեցաւ աղաւնիի մը երեւումով։ Հին հեթանոսները նաեւ կը ճանչնային աղաւնին որպէս խորհրդանիշ սիրոյ։ Ուստի առաջին քրիստոնեաները անմիջապէս հասկցան թէ ինչու Սուրբ Հոգին, անձնաւորեալ սէրն Աստուծոյ, իջած էր Յիսուսի վրայ աղաւնիի կերպարանքով, Յորդանան գետին մէջ իր մկրտութեան առթիւ։ Այսօր աղաւնին խաղաղութեան նշան է, բոլոր աշխարհէն ճանչցուած, եւ մեծ խորհրդանիշներէն մին է հաշտութեան` Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ։
Հարցում թիւ 116. Ի՞նչ իմաստ ունի ըսել թէ Սուրբ Հոգին մեզի խօսեցաւ մարգարէներու միջոցաւ։
Հին Կտակարանին մէջ` Աստուած իր Հոգին տուած էր կարգ մը մարդոց եւ կիներու, որպէսզի անոնք խօսէին իր անունով եւ ժողովուրդին աւետէին Մեսիայի գալուստը։
Հին Կտակարանին մէջ, Աստուած ընտրեց մարդիկ եւ կիներ որոնք կ՛ընդունէին այս ընտրութիւնը` մխիթարելու, առաջնորդելու եւ յորդորելու համար իր ժողովուրդը։ Այսպէսով `Աստուծոյ Հոգին խօսեցաւ բերանովը Եսայիի, Երեմիայի, Եզեկիէլի եւ միւս մարգարէներուն։ Յովհաննէս Մկրտիչ` վերջինը մարգարէներուն, ոչ միայն մարգարէացաւ Մեսիայի գալուստը, այլ նաեւ հանդիպեցաւ անոր հետ եւ մեզի աւետեց թէ ան էր որ մեզ պիտի ազատէր մեղքի իշխանութեանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.